
Քուէյթի Հայ Դատի յանձնախումբը ստեղծած է «ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ» անունով առցանց լսարան մը, որ կը միտի ներկայացնել ամսական հերթականութեամբ ազգային մտահոգութիւններ ու պատմաքաղաքական նիւթեր ու վերլուծութիւններ:
Սոյն լսարանին կրնաք միանալ բոլորդ եւ մասնակից դառնալ ձեր հարցերով ու մեկնաբանութիւններով:
Արդարեւ, Չորեքշաբթի, 26 Մայիս 2021-ին, ժամը 9:00-ին, տեղի ունեցաւ լսարանի անդրանիկ հանդիպումը: Թեման նուիրուած էր Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակաման 103-րդ ամեակին:
Օրուան դասախօսն էր ՀՀ Ազգային Ակադեմիայի տնօրէն, փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան:
Դասախօս նախ անդրադարձաւ Մայիսեան յաղթանակի պատմական ծալքերուն հակիրճ, ապա զուգահեռներով ներկայացուց 1918-ի եւ 2020-ի Հայաստանի հանրապետութիւններուն անցած ճանապարհի մասին: